«Չեմ յիշեր, թէ ես ով էի նախքան մայր դառնալս»։
Այս խօսքերը մայր մը ըսաւ, որ տարիներ նուիրուած էր յատուկ կարիքներ ունեցող իր զաւկին խնամքին։ Ան յոգնած էր, բայց կ’ուրանար այդ մէկը։ Ան տխուր էր, բայց կ՚ուրանար այդ մէկը։ Ան այնքան երկար ատենէ ի վեր իր զաւկին կարիքներուն վրայ կեդրոնացած էր որ, օր մը հայելիին մէջ նայելով չճանչցաւ ինքզինք։
Այս պատմութիւնը մէկ ծնողքի պատմութիւնը չէ, այլ շատ մը ծնողներու, խնամողներու եւ ընտանիքներու իրականութիւնն է, մանաւանդ Լիբանանի պէս անորոշութեան մէջ ապրող մարդոց, ուր անոնք ամէն օր կը պայքարին ոչ միայն հոգեբանական, այլ նաեւ տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքային ճնշումներու դէմ։

Գոհար Պալըգճեան
Հոգեբան
Յատուկ կարիքներ ունեցող զաւկի մը խնամքը սիրոյ մեծ արտայայտութիւն մըն է, բայց երբեմն այդ սիրոյ մէջ մարդ կամաց-կամաց ինքզինք կը կորսնցնէ։
Շատ մը ծնողներ կը խոստովանին թէ, երբ գիտցան թէ իրենց զաւակը յատուկ կարիքներ ունի, իրենց կեանքը երկու փուլերու բաժնուեցաւ՝ «առաջ» եւ «յետոյ»։
Այն օրէն, անոնց կեանքը բաղկացաւ բժիշկի այցելութիւններէ, նիւթական անհանգստութիւններէ, ապագային հանդէպ վախերէ եւ անվերջ պատասխանատուութիւններէ։ Անոնց առօրեան այլեւս իրենց մասին չէր։ Նոյնիսկ անոնց ամենէն փոքր որոշումները իրենց զաւկին կարիքներուն շուրջ կը դառնար։
Շատեր դադրեցան աշխատելէ։ Շատեր հեռացան ընկերներէ։ Շատեր մոռցան իրենց նախասիրութիւնները, երազները եւ նոյնիսկ հանգիստը։ Եւ վերջապէս, ժամանակի ընթացքին շատեր հարց տուին, թէ՝,
«Ես ո՞վ եմ հիմա»։
Երբ խնամողներու մասին կը խօսինք, յաճախ կը կեդրոնանանք անոնց զօրաւոր ըլլալուն վրայ։ Բայց քիչ անգամներ կը խօսինք այն ցաւին մասին, որ անոնք գաղտնօրէն կ’ապրին։
Այդ ցաւը միշտ զաւկին հետ կապուած չէ։ Երբեմն մարդ կը ցաւի իր անցեալի կեանքին վրայ, կը ցաւի այն ապագային վրայ, որ պատկերացուցած էր, կը ցաւի իր ազատութեան, հանգիստին, յարաբերութիւններուն եւ նոյնիսկ իր ինքնութեան վրայ։
Ամենէն ցաւալին այն է, որ շատ մը խնամողներ մեղաւոր կը զգան այս զգացումներուն համար։
Անոնք կը մտածեն,
«Ինչպէ՞ս կրնամ տխրիլ, երբ այսքան կը սիրեմ իմ զաւակս»։
Բայց իրականութիւնը այն է, որ կարելի է միեւնոյն ժամանակ սիրել եւ յոգնիլ, սիրել եւ տխրիլ, սիրել եւ ցաւիլ։ Բնական է։ Այս զգացումները մարդ վատ ծնողք կամ վատ խնամող չեն դարձներ։ Անոնք մարդ ըլլալու բնական արտայայտութիւններն են։
Շատ մը խնամողներ նոյնիսկ կը դադրին իրենց ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան հոգ տանելէ։ Անոնք կը սորվին անտեսել իրենց յոգնածութիւնը։ Կը սորվին լուռ մնալ։ Կը սորվին շարունակել նոյնիսկ, երբ ներսէն կոտրուած կը զգան։
Ոմանք կ’ըսեն․ «Ալ ոչ մէկ բան կը զգամ»։
Ուրիշներ կ’ըսեն․ «Միայն պարտականութիւնս կ’ընեմ»։
Երբ մարդ երկար ժամանակ միայն պատասխանատուութիւններով կ’ապրի, առանց ինզինքին հոգ տանելու՝ ան կրնայ պարապութիւն, յուսահատութիւն եւ առանձնութիւն զգալ։ Ան կրնայ նոյնիսկ ինքզինքէն անջատուած զգալ։
Յատուկ կարիքներ ունեցող զաւակի մը խնամքը յաճախ ազդեցութիւն կ’ունենայ նաեւ զոյգերու յարաբերութեան վրայ։ Շատ մը ծնողներ կը սկսին միայն խօսիլ պարտականութիւններու մասին՝,
Ո՞վ պիտի տանի բժիշկի։
Ո՞վ պիտի մնայ զաւկին հետ։
Ինչպէ՞ս պիտի հոգան ծախսերը, եւայլն։
Եւ կամաց-կամաց մտերմութիւնը կը մարի մինչեւ իսկ կը կորսուի յարաբերութեան մէջէն ։
Երբ մարդիկ երկար ժամանակ ճնշումի տակ կ’ապրին, աւելի դիւրագրգիռ դառնալով կը հեռանան իրարմէ։ Բայց շատ յաճախ հարցը սիրոյ պակասը չէ, այլ՝ յոգնածութիւնն ու սպառումը։ Այդ իսկ պատճառով, շատ կարեւոր է որ զոյգեր յիշեն, թէ իրենք միայն ծնողներ չեն, իրենք նաեւ մարդ են եւ իրենց կարգին պէտքեր ունին։
Շատ մը ծնողներ կը կարծեն թէ եթէ քիչ մը ժամանակ տրամադրեն իրենց անցերուն, եսասէր պիտի ըլլան։ Բայց իրականութեան մէջ մարդ չի կրնար երկար ատեն ուրիշներուն հոգ տանիլ եւ ամբողջովին ինքզինք մոռնալ։ Այս պարագային, ինքզինքին հոգ տանիլը եսասիրութիւն չէ, այլ՝ անհրաժեշտութիւն։
Ինքզինքին հոգ տանիլը մեծ քայլերով չի սկսիր, այլ փոքր բաներով՝ ինչպէս,
- Շաբաթը գոնէ մէկ անգամ դուրս ելլելով։
- Բարեկամի մը հետ զրուցելով։
- Բարեկամներով համախմբուելով։
- Անոյշ երաժշտութիւն մը մտիկ ընելով։
- Օգնութիւն խնդրելով։
- Եւ կամ օրուան ընթացքին քանի մը վայրկեան հանգիստանալով առանց մեղքի զգացումով լեցուելու։
Շատ կարեւոր է որ խնամողներ յիշեն, թէ անոնք միայն խնամողներ չեն, այլ նաեւ անհատներ՝ լեցուն զգացումներով, կարիքներով եւ երազներով։
Ամենէն կարեւոր բանը որ կրնանք ըսել խնամողներուն, հետեւեալն է․
Դուք պարտաւոր չէք միշտ զօրաւոր երեւելու։
Իրաւունք ունիք յոգնելու։
Իրաւունք ունիք ցաւելու եւ իրաւունք ունիք ձեր պէտքերուն մասին մտածելու։
Եթէ այսօր կը զգաս, թէ զաւկիդ հոգատարութեան պատճառով,կորսնցուցած ես ինքնութիւնդ կամ ինքզինքդ՝ կարելի է կամաց-կամաց վերագտնես դուն քեզ։ Այդ մէկը կրնաս ընել ոչ որպէս մայր, այլ անձ մը որ շատ դժուար ճամբայէ մը անցած է, բայց տակաւին կը շարունակէ յառաջանալ։
Սիրէ՛ անձդ ինչպէս կը սիրես զաւակդ։ Լեցուր «բաժակդ», ինչպէս կը լեցնես զաւկիդ «բաժակը»։ Միշտ յիշէ, թէ երբ «բաժակդ» պարապ է, չես կրնար ուրիշին «բաժակը» լեցնել։

